Ա․, Բ․ եւ Գ․ դաս/ներուն այցելութիւնը Հ․Հ․ Դեսպանատուն

Ուրբաթ 26 Յունուար 2024-ին, մեր դպրոցին 1ին, 2րդ եւ 3րդ դասարաններուն աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ուղղեկցութամբ, այցելեցին Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատունը ու հանդէս եկան երգերով եւ ասմունքներով։ Աշակերտութիւնը ջերմօրէն ընդունեցին Հ․Հ, դեսպան պր․ Տիգրան Սարգսեան եւ դեսպանատան անձնակազմը։ Ներկաներուս Նոր Տարուան եւ Ս․Ծնունդին առթիւ նուէրներ բաժնուեցան։

Դ․,Ե․ եւ Զ․ դեսպանատուն

Ուրբաթ 19 Յունուար 2024-ին, մեր դպրոցին 4րդ, 5րդ եւ 6րդ դասարաններուն աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ուղղեկցութամբ, այցելեցին Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատունը ու հանդէս եկան երգերով եւ ասմունքներով։ Աշակերտութիւնը ջերմօրէն ընդունեցին Հ․Հ, դեսպան պր․ Տիգրան Սարգսեան եւ դեսպանատան անձնակազմը։ Ներկաներուս Նոր Տարուան եւ Ս․Ծնունդին առթիւ նուէրներ բաժնուեցան։

Մաղթանքներ

Կը Շնորհաւորեմ Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը մեր վարժարանի աշակերտներուն ու անոնց ընտանիքներուն, ուսուցչական կազմիս եւ բոլոր հայրենակիցներուն։ Կը մաղթեմ անձնական եւ ընտանեկան  բարօրութիւն, զօրանան ու զարգանան աշխարհասփիւռ հայութեան կրթական հաստատութիւններն ու կառոյցները եւ 2024-ը բարօրութիւն, խաղաղութիւն բերէ բոլոր աշխարհին ու մեր ժողովուրդին մէջ վառ պահէ պայքարը անկախ, միացեալ եւ հզօր հայրենիքի մը տեսլականին։

Հայկանուշ Մինասեան, Տնօրէնուհի Հ․Կ․Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանին