Մաղթանքներ

Կը Շնորհաւորեմ Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը մեր վարժարանի աշակերտներուն ու անոնց ընտանիքներուն, ուսուցչական կազմիս եւ բոլոր հայրենակիցներուն։ Կը մաղթեմ անձնական եւ ընտանեկան  բարօրութիւն, զօրանան ու զարգանան աշխարհասփիւռ հայութեան կրթական հաստատութիւններն ու կառոյցները եւ 2024-ը բարօրութիւն, խաղաղութիւն բերէ բոլոր աշխարհին ու մեր ժողովուրդին մէջ վառ պահէ պայքարը անկախ, միացեալ եւ հզօր հայրենիքի մը տեսլականին։

Հայկանուշ Մինասեան, Տնօրէնուհի Հ․Կ․Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանին