Բիրէայի Երաժշտական Վարժարանը մեր ԴՊՐՈՑԻՆ մէջ

Որբաթ 27 Մարտ, 2026, ուրախութեամբ ընդունեցանք Բիրէայի Երաժշտական Վարժարանը մեր վարժարանի մէջ, eTwinning «Յունաստան-Հայաստան Մշակութային Կամուրջներ» ծրագրէն ներս։
Աշակերտները այցելեցին Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, ուր մեր վարժարանին բոլոր աշակերտներուն ներկայացուցին հայկական աւանդական երգեր՝ Թամզարա, Մոկաց Շուկեն եւ Մայրօ, ստեղծելով ջերմ եւ հոգեպարար մթնոլորտ մը։
Այցելութիւնը շարունակուեցաւ շրջագայութեամբ դէպի Նիքէայի Հայկական Թաղը եւ աւարտեցաւ մեր դպրոցը։ Հիւրերը ընդունուեցան ժպիտներով, խանդավառութեամբ եւ հիւրասիրութեամբ, զօրացնելով բարեկամութեան, գործակցութեան եւ մշակութային փոխանակման կապերը աշակերտներուն միջեւ ԴԻՏԵԼ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հռչակման ՏՕՆ, 28 ՄԱՅԻՍ 2025

Երեքշաբթի 27 Մայիսին, Առաջին դասապահերուն ընթացքին՝ 8։45 – 10։00, «Զաւարեան» կեդրոնի 2րդ յարկին հանդիսասրահին մէջ (Զաքարեան-Սարաճեան սրահներ), տօնեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան Ա․ Անկախութեան (Մայիս 28, 1918) դարեդարձը։ Պարերով, երգերով, ասմունքներով եւ հետաքրքրական ներկայացումներով բոլոր դասարաններուն աշակերտները հանդէս եկան։ Յուզիչ էր, սակայն պարծանք էր տեսնել անոնց խանդավառութիւնն եւ հպարտութիւնը :  Այս ուղղութեամբ, դպրոցին հանդիսասրահին մէջ ցուցադրուեցան աշակերտներուն տարբեր եւ հետաքրքրական ձեռային աշխատանքները։

Ամերիկեան Դպրոցին Պատմական Արխիւին տնօրէնուհիՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԵՐ ԴՊՐՈՑԸ

Ուրբաթ 2 Մայիս 2025-ին, Հ․Կ․Խաչի ազգային “Զաւարեան” դպրոցը այցելեցին բաժամունքի (Ιστορικό Αρχείο Αμερικανικής Σχολής – Γεννάδειος Βιβλιοθήκη) տնօրէնուհի տիկին Էլեֆթերիա Դալեզիու եւ Պոլսոյ “Օզիէկին” Համալսարանի պատմաբան-հետազօտող տիկ․ Մերիհ Էրոլ։ Անոնք ներկայացուցին՝ փաստացի աղբիւրներու վրայ յենուելով, հայ եւ յոյն որբերու ժամանումը Յունաստան եւ անոնց հաստատումը որբանոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ  “Զաւարեան” դպրոցին առաջին տարիներու պատմութիւնը եւ ունեցած կարեւոր դերը Գոքինիոյ եւ շրջակայքի հայ համայնքին մէջ։ Ապա հետեւեցաւ զրոյց 3-րդ, 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն աշակերտներուն հետ։

Սուրբ Զատիկի նախօրեակին, աշակերտները հաղորդուեցան

Վարժարանիս աշակերտնութիւնը, Ուրբաթ 11 Ապրիլ, 2025-ին Տնօրէնութեան ու Ուսուցչական Կազմին ուղեկցութեամբ, առաջնողրդուեցաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին, ստանալու համար Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւ, Տէր Պարետ Խաչերեան, աշակերտներուն փոխանցեց Ս․Յարութեան եւ Ս․Զատկուան պատգամը եւ անոնց հետ կարճ սակայն իմաստալի ու հետաքրքրական զրոյց մը ունեցաւ։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ – ΒΑΡΤΑΝΑΝΤΣ

     Ուրբաթ 28 Փետրուար 2025-ին, Ս․Յակոբ եկեղեցուոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ս․Վարդանանցի տօնը (Γιορτή Βαρταναντς)։ Աշակերտութիւնը հետեւեցաւ եւ մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագի արարողութեան։ Պատարագէն ետք, եկեղեցուոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական պատշաճ հանդիսութիւնը։ Արարողութեան ներկայ եղաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Յունահայոց Թեմիս Առաջնորդ Սահակ Արք․Եմիշեան։ Պատարագեց հոգշ․ Տ․ Եզրաս վրդ․ Թենեքէճեան։ Ապա, Առաջնորդ հայրը, հոգեշնորհ վարդապետը եւ Քոգինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Պարետ քհնյ․ Խաչերեան հետեւցան “Վարդանանց” տօնին առթիւ մեր դպրոցին աշակերտական հանդէսին։


ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ ԳՈՔԻՆԻՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը։ Արարողութեան ներկայ էին մեր վարժարանի աշակերտներ, ծնողներ եւ ուսուցչուհիներ, ու հայրենակիցներ։ Աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ վառուեցաւ աւանդական խարոյկը։ Աշակերտներն ու ներկաները խանդավառութեամբ մասնակցեցան աւանդական խարոյկահանդէսին երգով, պարով եւ երբ կրակին բոցը սկսաւ ցածնալ, կրակին վրայէն ցատկել սկսան։ Կը շնորհաւորենք Գոքինիոյ Տէր Հայրը եւ Թաղային Խորհուրդը այս գեղեցիկ աւանդութեան պահպանման համար։

                                                                                                                                       

“Լութրաքին պատմութեան խաչմերուկին՝ վկայութիւններ եւ յիշողութիւններ, 1922”

Չորեքշաբթի 29 Յունուար, 2025, կ․ե․ժամը 6-ին, Լութրաքիին “Ալեքսադրիօ” դահլիճին մէջ  (Αλεξάνδρειο Συνεδριακό Κέντρο) տեղի ունեցաւ իւրայատուկ իր յղացումով աշակերտական ձեռնարկ մը “Լութրաքին պատմութեան խաչմերուկին՝ վկայութիւններ եւ յիշողութիւններ, 1922” նիւթով։ Կազմակերպողն էր «ԷլեֆթերիոսՎենիզելոս» Լութրաքիի Առաջին նախակրթարանը (1ο Δ.Σ. Λουτρακίου – ΕΛΕΥΘΕΡΙΟΣ ΒΕΝΙΖΕΛΟΣ)։ Ելոյթը հովանաւորեց Ամերիկեան Դպրոցին Պատմական Արխիւին բաժամունքը (Ιστορικό Αρχείο Αμερικανικής Σχολής – Γεννάδειος Βιβλιοθήκη)։ Հայ Կապոյտ Խաչին «Զաւարեան» ազգային վարժարանս, ընդայառաջեց Լութրաքիի նախակրթարանի տնօրէնին հրաւէրին եւ մեր սաները մասնակցեցան հայկական երգերով եւ պարերով։ Աշակերտական յայտագիրին աւարտին, դպրոցին տնօրէն պր․ Սիղրիմի, յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս՝ պատմաբան տիկին Դալեզիուին եւ Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանիս տնօրէնուհին՝Հայկանուշ Մինասեանին, եւ ելոյթին մասնակցութեան վերաբերեալ յուշատախտակ յանձնեց։ …….Կարդալ շարունակութիւնը

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Հ․Հ․ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Հինգշաբթի Յունուար 9-ին, Դ․, Ե․ եւ Զ․, իսկ Յունուար 10-ին Ա․, Բ․ եւ Գ․ դասարաններուն աշակերտները Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը այցելեցին, ուր յարգելի պր․ դեսպանին եւ պաշտօնէութեան առջեւ հանդէս եկան տօնական երգերով եւ պարերով։ Վերջաւորութեան դեսպան պր․ Տիգրան Մկրտչեան բոլորին նուէրներ բաժնեց։
Πέμπτη και Παρασκευή 9 & 10 Ιανουαρίου οι μαθητές όλων των τάξεεων του Δημοτικού επισκέφτηκαν την Πρεσβεία της Δημοκρατίας της Αρμενίας, όπου παρουσία του πρέσβη κ. ΤΙΓΚΡΑΝ ΜΚΡΤΣΙΑΝ παρουσίασαν εορταστικό πρόγραμμα. Στο τέλος, ο κ. πρέσβης σ’ όλους μοίρασε δώρα.

Գ․ դասարան – հնաբանական պեղումներ

3րդ դասարանին աշակերտները, Հայոց Պատմութեան դասերուն ընթացքին, սորվեցան թէ ինչպէ՞ս պատմութիւնը կը սորվինք։ Պատմութիւնը իմանալու, սորվելու միջոցներէն մէկն է պեղում կատարել։ Այդպէս ալ ըրինք։