Category Archives: Գ․ ԴԱՍԱՐԱՆ

Այցելութիւն Ս․Յակոբ

Հինգշաբթի 7 Դեկտեմբերին 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները, 1988 Դեկտ․ 7-ի Սպիտակի ահաւոր երկրաշարժին տարելիցին տխուր առթիւ առաջնորդուեցան Ս․Յակոբ եկեղեցին, ուր հետեւեցան Հոգեհանգստեան արարողութեան։

Երեքշաբթի 5 Դեկտեմբեր 2023-ին, մեր դպրոցին Գ. եւ Դ. աշակերտները այցելեցին Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանը, խօսեցաւ անոնց, եկեղեցւոյ եւ  եկեղեցական առարկաներու մասին՝նիւթ մը որ կը կապուի շաբթուան դասանիւթին։ Նաեւ Սուրբ Յակոբ տօնին առթիւ ան ներկայացուց անոր կեանքը եւ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Երեխաները իրենց հարցումները արտայայտելէն ետք, Տ. Հայրին ուղղութեամբ մոմ վառեցին եւ ետքը, վերադարձան դպրոց։