Այցելութիւն “Ազատ Օր”

Ուրբաթ 23 Փետրուար 2024-ին, վարժարանիս 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտութիւնը այցելեցին Յունաստանի եւ Եւրոպայի հայկական միակ օրաթերթին՝ “Ազատ Օր”ին խմբագրատունը։ Հոն մօտէն ճանչցան թերթի մը տպագրութեան եւ հրատարակութեան փուլերուն։ Հետաքրքրքուած օրաթերթին 100 տարուան պատմութենէն, հարցումներ ուղեցին յարգելի խմբագիրներուն, որոնք ամենայն համբերութեամբ գոհացում տուին անոնց հետաքրքրութեան։