ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ / ԴՊՐՈՑԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ ՈՒ ԴԻՐԱԽԸ / ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ

Պաստմական

Մեծ եղեռնէն ու 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղետէն բռնի տեղափոխո­ւած ու փրկո­ւած հայութեան մէկ մասը՝ 80.000 գաղթականներ եւ 8.000 որբեր, ապաստան կը գտնէ Յունաստան։ Անոր առաջին ու գլխաւոր գործն է բանալ ուր որ կարելի է ակումբներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, որպէսզի նոր սերունդը ունենայ հայեցի կրթութիւն ու պահպանէ հայու իր նկարագիրը եւ հաւատքը։ Աղքատ, թիթեղաշէն տուներու մէջ ապրող մեր պապիկներուն ու մամիկներուն համար, քաջութենէ աւելի հաւատք էր՝ տոկալու, ապրելու եւ գործելու իբրեւ հայ։ Այսպէս այդ օրերուն Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ «Զաւարեան» շէնքի կառուցման օժանդակ մարմոյ անդամերը՝ Ալմուխանեան Մայքըլ, Արշակունի Եղիա, Աւետիքեան Թագւոր, Աւշարեան Վահան, Էօտէմիշեան Գրիգոր, Կիւրիւնլեան Առաքել, Ղազարոսեան Ռամելա, Մանկոյեան Յովհաննէս եւ Տէր Գրիգորեան Սարգիս, իրենց կողքը ունենալով շրջանի հայ գաղթականութեան նիւթական ե՛ւ բարոյական աջակցութիւնն ու ծառայութիւնը, 750 տրախմիի հիմադրամով հիմը կը դնեն «Զաւարեան» ակումբ-դպրոցին։  1927-ին, աշնան սկսած էին գործել Հայաստան Ուշագլեան նո­ւիրեալ մանկապարտիզպանուհիին ջանքերով «Հռիփսիմեանց» մանկապարտէզը (Մեղարոն եւ Լեւատիաս փողոցներուն անկիւնը) եւ վարձո­ւած շէնքի մը մէջ «Զաւարեան» նախակրթարանը՝ Զաքար Զաքարեանի տնօրէնութեամբ, 6 ուսուցիչներով եւ 80 աշակերտներով։ Եւ ահա՛, տարի մը ետք, 1928-29 ուսումական տարեշրջանին սկիզբը, Սեպտեմբերին, կը կատարո­ւի պաշտօնական բացումը «Զաւարեան-Հռիփսիմեանց» վարժարանին, Սօս Վանիի (Յովհաննէս Կարապետեան) տնօրէնութեամբ եւ 260 երկսեռ աշակերտութեամբ։ 10462665_311848202306982_3662211941148330844_n

1927-1928

Սկիզբը ընթացիկ ըմբռնումով դպրոցական հաստատութիւն մը չ’ըլլար միայն, այլեւ փողոցներէն անկարող ընտանիքներուն զաւակները փրկող, հայ որբերը պահող-պահպանող պատսպարան մը։ Միացում Բ . Համաշխարհային պատերազմին առաջին օրէն իսկ կը կասեցո­ւին վարժարանին աշխատանքները. կը վերաբացուի 1945-ին։  Սակայն պատերազմին հետեւանքները շատ լուրջ են: Յունաստանի ներքին ազգամիջեան (1944-1948) պատերազմէն ազդուած, յունահայութեան մեծ թիւ մը կը ներգաղթէ եւ կամ կ՛արտագաղթէ. ինքնաբերաբար հայկական դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն կը նո­ւազի։ Հ.Կ.Խաչը եւ Բարեգործականը կը գործակցին ու շնորհիւ անոնց նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան, «Ազգային» – «Զաւարեան» վարժարանները կը միանան, սակայն կը գործեն զատ շէնքերու մէջ. «Ազգային»ը Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ բակին կից շէնքին մէջ, իսկ «Զաւարեան»ը իր վայրին մէջ։ 1956-57 կրթական տարեշրջանի վերջաւորութեան՝ Յունահայոց Թեմի կցումով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այս համագործակցութիւնը կը դադրի։ «Ազգային-Զաւարեան Միացեալ» վարժարանը կը շարունակէ գործել նոյն դրութեամբ։ 1963-64 դպրոցական տարեշրջանին, «Զաւարեան»ի շէնքը աշակերտներ ընդունելու համար անյարմար կը նկատո­ւի։ Շնորհիւ Կիւլպէնկեան հիմարկութեան նիւթական օժանդակութեան, եկեղեցւոյ բակին կից շէնքին վրայ երկու յաւելեալ դասարաններ կը շինո­ւին եւ վարժարանը կը միատեղո­ւի։ Մանկապարտէզը կը շարունակէ գործել «Զաւարեան» ակումբին մէջ, եւ քանի մը տարի ետք կը հաստատո­ւի «Ազգային – Զաւարեան Միացեալ» դպրոցին մէջ։

«Զաւարեան» ակումբ-դպրոցի հիմումէն 60 տարիներ ետք, անհրաժեշտ էր նոր շէնքի մը վերկառուցումը, որը գոհացում պիտի տար ժամանակի արդի կարիքներուն. 1981 Փետրո­ւար 24-ին ուժգին երկրաշարժէն անոր կրած վնասները, ա՛լ աւելի կը շեշտեն սոյն պահանջը։ Այս նպատակով կը կազմո­ւի փոքրանդամ շինութեան յանձնախումբ մը բաղկացած հետեւեալներէն՝ Ադամեան Մինաս, Աւագեան Գէորգ, Գրիգորեան Պերճ, Էլմասեան Վարուժան, Մանկոյեան Արա, Յովակիմեան Կարօ, Նաճարեան Յարութիւն, Շանկայեան Օննիկ, Սլտրեան Պաղտիկ: Ու 1992-ի վերջաւորութեան շէնքը ամբողջութեամբ կը լրանայ, շնորհիւ շրջանի հայութեան հաւատքին ու նո­ւիրումին, Հայ Կապոյտ Խաչի նիւթաբարոյական աջակցութեան եւ վարժարանիս շրջանաւրտներէն ճարտարագէտ Յարութիւն Եզեկիէլեանի եւ ճարտարապետ Շահան Ֆարաճեանի անդադար ու անսակարկ ծառայութեան։ Յունո­ւար 1993-ին դպրոցը կը վերադառնայ իր «տունը», գրաւելով նորաշէն «Զաւարեան» կեդրոնին ա.յարկը, օժտո­ւած դաստիարակչական բոլոր յարմարութիւններով։

Նկարներ ձախէն աջ՝  Հիմնարկէք  –  Նոր շէնքըՈւիլիամ Սարոյան Զաւարեան դպրոցի ամավերջի հանդէսին 〈1957 Յուլիս〉

Դպրոցին նպատակն ու թիրախը

Մեր դպրոցը իր հիմարկութեան օրէն մինչեւ այսօր կը շարունակէ անխափան գործել, հասնելով կրթական բարձր մակարդակի։ Քայլ կը պահէ ժամանակի կարիքներուն։ Օժտո­ւած է դաստիարակչական բոլոր արդի յարմարութիւններով. բնագիտութեան փորձերու յարմար սարքեր, աշխարհագրութեան ամէն տեսակի քարտէսներ, տեղեկութեան – հաղորդակցութեան ճարտարարո­ւեստի ուսմունքին համար աշակերտներու անհատական համակարգիչներ (Lap-Top), քառալեզու (հայերէն, յունարէն, անգլերէն, ֆրանսերէն) գրադարան, աշխատանոց, ևայլն։ Ամէն դասարան ունի միջգործօն տախտակ եւ համակարգիչ, անհրաժեշտ՝ այժմէական մանկավարժութեան։ Ուսուցչական կազմը շարունակ կը վերապատրաստո­ւի, սերտ կապ կը պահէ Յունական կրթական շրջանակներուն հետ, միշտ միտի ունենալով աշակերտին յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը։ Յունական կրթական ծրագրին զուգահեռ, դպրոցը հետամուտ է աշակերտներուն հայակրթութեան ու հայախօսութեան։ Կը հասցնէ հայեցի դաստիարակութեամբ, հայկական ոգիով դաստիարակո­ւած սերունդներ։ Հայերէն լեզուն պարզ ուսուցում չէ, այլ հետը ապրիլ, ստեղծել. գծանկարներով, երգերով, պարերով, թատերակներով, գրական տարբեր ոճի յօդո­ւածներու ներկայացումերով։ Մէկ խոսքով՝ գիտելիքը առօրեային մաս դարձնել։ Մեր հարիւրաւոր շրջանաւարտները մեր դպրոցի հայելին են։ Անոնք շատ կարեւոր դեր կը կատարեն Յունաստանի եւ հայկական Սփիւռքի իրականութեան մէջ. իբրեւ ուսուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ, բժիշկներ, գիտնականներ, ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, արո­ւեստագէտներ, արհեստագէտներ, գործարարներ կամ նոյնիսկ շատ համեստ անդամեր, որոնք հաւատքով կը նո­ւիրո­ւին մեր մշակութային եւ ոգեկան արժէքներուն պահպանման։ Սերունդներ դաստիարակո­ւեցան ու կը դաստիարակո­ւին «Զաւարեան»ին մէջ։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն նախկին շրջանաւարտներ երբ Յունաստան կ՛այցելեն, գիտեն, որ Քոքինիոյ այս անկիւնը իրենց կը սպասէ տաքուկ հայկական օճախ մը. իրենց «տունը»՝ Զաւարեանը։

Մանկապարտէզ

Արդի մանկավարժութիւնը կը պահանջէր նորարար Մանկապարտէզ մը։ Նախքին Յունահայ պարոն Անդրանիկ Չաքալեանի նուիրատւութեամբ, 2010-ին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կից կը կառուցուի «Հայաստան Ուշագլեան» անո­ւանակոչումով Մանկապարտէզը։

Տնօրէններ

1926 – 1928   Զաքարեան Զաքար

1928 – 1934   Սօս Վանի (Կարապետեան Յովհաննէս)

1934 – 1937  Փափազեան Մկրտիչ

1937 – 1940  Պալեան Արսէն

1945 – 1956  Զաքարեան Օննիկ

1956 – 1962  Սօս Վանի (Կարապետեան Յովհաննէս)

1962 – 1966  Աֆշարեան Գեղանուշ, Ֆարաճեան Ալիս

1966 – 1972  Զաքարեան Օննիկ

1972 – 2007  Մկրտիչեան Կիրակոս

2002 – 2006  Սդաւրոս Ապարեան,  Մկրտիչեան Կիրակոս

2006 – 2007  ՏէրՍահակեան Սիմոն, Մկրտիչեան Կիրակոս

2007 –              Մինասեան Հայկանուշ