Category Archives: ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

«Նոր Օր»էն՝ «Ազատ Օր»

Հ.Կ.Խաչի Զաւարեան վարժարանի մեր բոլոր աշակերտները շնորհաւորեցին «Ազատ Օր» օրաթերթին 80-ամեակը եւ անոր «հայրիկին»՝ «նոր Օր»ին 100-ամեակը, զանազան ձեռային
աշխատանքներով, պատմական շարանկարներով․․․ ըստ իրենց
պատկերացումին։ Արդիւնքը իսկապէս գնահատելի է։ Վարձքերնին կատար!

ՄԵՐ ՀՆԱԲԱՆՆԵՐԸ – 2021-2022

Գ․ դասարանի աշակերտները Հայոց Պատմութեան դասի ծիրէն ներս, մէյ մէկ հնաբան դարձան․ պեղեցին, գտած կտորները ուսումնասիրեցին, թուագրեցին ու ապա կոտրած գտնուած իրերը փակցուցին։ Հպարտ իրենց այս գործունէութեամբ, իրենց պեղած ու կարգաւորած փոքրիկ թանգարանը ղրկեցին Հնաբանական թանգարանը։ Շնորհաւորութիւններ!!!

Տօներ

Դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին աշակերտները կը մասնակցին հետեւեալ ազգային, կրօնական եւ դպրոցական հանդէսներուն։

  • Սեպտեմբեր 21,  (Հայաստանի Հանրապետութեան բ․ անկախութեան հռչակում)
  • Սրբոց Թարգմանչաց

  • Հոկտեմբեր 28  (Յունաստանի պատմական «Ոչ»ը)
  •  Նոյեմբեր 17 (Բազմարուեստարանի ոգեկուչումը)

  • Նոր Տարուան առթիւ հանդէս

  • Վարդանանց

  • Մարտ 25  (Յունաստանի ազգային տօն)
  • Ապրիլ 24
  • Մայիս 28  (1918 Հ․Հ․ ա․ անկախութեան հռչակում)
  • Տարեբակի բաց տպրոցական հանդէս

 

Արխիւ (ΑΡΧΕΙΟ) էջին մէջ, կրնաք տեղեկանալ մեր վարժարանի տարած գործունէութիւններուն մասին։